Վեհափառ Հայրապետի հանդիպումները՝ Վատիկանի այցից հետո
Մեծի Տանն Կիլիկո Կաթողիկոսությունը ներկայացրել է, թե ովքեր են այցելել Արամ Ա Վեհափառին.
Վերջին օրերուն, Վատիկան կատարած իր այցելութենէն վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելուները ընդունեց.-
– Երեսփոխան եւ նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի: Ան այցելեց Վեհափառ Հայրապետին մօտէն տեղեակ ըլլալու Վատիկան կատարած այցելութեան մանրամասնութիւններուն: Այս առիթով, Սահնաուի Նորին Սրբութեան նուիրեց իր նոր հրատարակութիւնը՝ «Liban, Cœur de Dieu» խորագրով:
– Լեւանտի նոր հիմնուած կուսակցութեան նախագահ Իլիաս Ալ-Մըր: Ան անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ Հայրապետին՝ իր նորահիմ կուսակցութեան մասին:
– Մկրտչական բողոքական եկեղեցիներու համաշխարհային մարմինի նախագահ դոկտ. Պրաուն եւ նոյն մարմինի ընդհանուր գարտուղար Ռոտէս: Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցելու յառաջիկայ Հոկտեմբերին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք միջ-եկեղեցական միջազգային հանդիպումի մը գծով:
– Վատիկանի մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան եւ երեսփոխան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէն: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալու անցեալ ամսուան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան մասին:
