Ազգային միասնականության ամուր պահպանումը ճակատագրական այս պահին առաջնահերթություն և հրամայական է
Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ն հնդիպել է Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունին, այս մասին նշվում է տարածված հաղորդագրության մեջ․
«Այս առաւօտ, Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աունին, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին, եւ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեանի, Դիւանապետ Կաթողիկոսարանի:
Հանդիպումէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայատարարութիւնը կատարեց մամուլին`
«Այցելեցինք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Նորին Վսեմութիւն Զօրավար Ժոզէֆ Աունին, մեր համայնքին անունով եւ անձնապէս Մեր զօրակցութիւնը յայտնելու իր եւ իր գլխաւորած կառավարութեան աշխատանքներուն ու կեցուածքներուն համար:
«Արդարեւ, Լիբանանի հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան պահպանումը, պետութեան հեղինակութեան ամրացումը, բանակին ներկայութիւնը Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ներս եւ ազգային միասնականութեան ամուր պահպանումը՝ մանաւանդ ճակատագրական ներկայ պայմաններուն մէջ, կը նկատենք առաջնահերթ ու հրամայական: Կը հաւատանք, որ ա՛յս է իւրաքանչիւր լիբանանցիի մօտեցումը: Հարկ է հեռու մնալ ներքին զգայնութիւններ յառաջացնող արտայայտութիւններէ եւ բոլորուիլ մեր հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն շուրջ:
«Լիբանանը լուրջ վտանգի դիմաց է: Իսրայէլի մուտքը հարաւային Լիբանան եւ շարունակուող ռմբակոծումները ու սպանութիւնները խստօրէն դատապարտելի են: Իսրայէլի առած քայլերը կը հակասեն միջազգային օրէնքին: Հետեւաբար, միջազգային համայնքը ու մանաւանդ Լիբանանի բարեկամ երկիրները անտարբեր պէտք չէ մնան իսրայէլեան շարունակուող թշնամական քայլերուն նկատմամբ:
«Գաղթականներու հարցին գծով անհրաժեշտ է ծրագրուած ու հետեւողական մօտեցում ունենալ: Մեծապէս գնահատելի է թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ բոլոր համայնքներուն ցուցաբերած յատուկ հոգածութիւնը գաղթականներուն նկատմամբ: Մեր մաղթանքն է, որ կացութիւնը շուտով բարելաւուի եւ անոնք վերադառնան իրենց շրջանները եւ տուները», – շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:
