«Ես պիտի գամ աշխարհին փաստելու, որ Հալեպը չմեռնող քաղաք է». Լիբանանահայ երգիչ Ռայեան
Լիբանանահայ երգիչ Ռայեան մեծ համերգ մը պիտի տայ Հալէպի մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արեւելք»ի թղթակից Յովիկ Շէհիրեան: Համերգը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի 5 հոկտեմբերին, Հալէպի Սրիան շրջանի մէջ գտնուող «Հուրրիա» («Ազատութիւն» ) մարզական ակումբին մէջ: Համերգին Ռայեանին պիտի ընկերակցի հալէպցի երգից Եազան Ռաշիտ, որ վերջերս մասնկցած էր «The voice» ծրագրին. համերգը կազմակերպուած է «yalla party» ընկերութեան կողմէ:
Ռայեան այս մասին ըսած է՝ «Ես Հալէպ պիտի գամ, աշխարհին փաստելու, որ Հալէպը չմեռնող քաղաք է, Հալէպը կեանքի եւ սիրոյ քաղաք է»:
Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր Ռայեան, լիբանանցի երգիչ Ժոզէֆ Աթիյէյէն ետք կը համարուի երկրորդ ոչ սուրիացի երգիչը, որ մտադիր է համերգով հանդէս գալ Հալէպի մէջ:
