Գեներալ Նարեկ Աբրահամյան. Մենք պատրաստ ենք
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով վերջերս այցելեցի Հայաստան ու Արցախ: Բնականաբար կապի մէջ մտայ հոն բնակող բազմաթիւ բարեկամներու հետ: Անկեղծօրէն, ոչ միայն անակնկալի եկայ, այլեւ մեծ հաճոյքով ականատեսը եղայ այն հսկայական նուիրուածութեան ու հաստատակամ ոգիին, որ գոյութիւն ունէր ժողովուրդին մօտ՝ ամէնուրեք պաշտպանելու Արցախի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը որպէս անբաժան մասնիկ մը պատմական Հայրենիքին: Թշնամիին զոնուորական գործողութիւններու մեծածաւալ տարողութիւնը եւ գործածուած զէնքերու քանակի եւ որակի ունեցած առաւելութիւնները, անոր տուած են նախնական յաջողութիւններ, սակայն Հայ զինուորի ոգին, խիզախութիւնը եւ նախաձեռնելու ընդունակութիւնը կասեցուցած են թշնամիի ուժականութիւնը եւ ընդհանրապէս ձախողութեան մատնած անոր արկածախնդրութիւնը, մարդկային, նիւթական եւ բարոյական մեծ վնասներ պատճառելով անոր: Այս արդիւնքները դժբախտաբար ստացուած են մատղաշ հայ զինուորներու կեանքերու գնով, որոնք կարելի էր, որ ըլլային շատ աւելի նուազ, եթէ ապահովուած ըլլային կարգ մը կենսական անհրաժեշտութիւններ, որոնց ձեռքբերումը կը գտնուի հաստատաբար ազգի կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը կը պարտադրէ մեզ, որ ան ըլլայ մեր սխալները եւ թերացումները սրբագրելու ահազանգ մը: Յաջորդ քառօրեայ կամ բազմօրեայ պատերազմը մօտալուտ է անպայման, մօտիկ կամ հեռաւոր ապագային, որուն համար մենք առօրեայ աշխատանքներ ունինք կատարելիք: Հայ ազգին արգիլուած է սխալիլ, որովհետեւ այդ սխալը շատ հաւանաբար ըլլայ ազգի գոյութեան տրուած շեշտակի հարուած մը: Ան նոյնիսկ կրնայ վճռականը ըլլալ եւ նաեւ վերջնականը: Այս սխալին պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն բոլոր անոնք, որոնք գլուխ կը ջարդեն աթոռներու տիրանալու համար, եւ որոնցմէ շատերը քաջ գիտեն, թէ իրենք այդ հայրենասէր, տառապող ու ցաւսիրտ մարդիկը չեն, որ կարենան ինչ որ տեղ դրական ազդեցութիւն ունենալ իրադարձութիւններուն վրայ: Անոնք պարզապէս հայկական կարողականութիւններուն վրայ ճնշող գոյութիւններ են, որոնք կը հետապնդեն անձնական եւ «թայֆական» շահեր, գիտակցաբար անտեսելով ազգի գոյատեւման պայքարը: Ժամանակն է, որ այդպիսիները չտեսնենք մեր մէջ: Մեկնելով վերոյիշեալ տուեալներէն եւ ունենալով քիչ թէ շատ զինուորական գործողութիւններու գիտութիւն եւ փորձառութիւն, ու ըլլալով նաեւ ազգի իրավիճակին մօտէն ծանօթ՝ ըլլայ Հայաստանի-Սփիւռքի-Արցախի կամ Ջաւախքի, խղճի պարտք կը զգամ հնչեցնել ահազանգ, որպէսզի մեր յաջորդ առճակատումները մեզի ապահովեն միայն յաղթանակներ: Եւ որպէսզի անյապաղ աշխատանքներ տարուին այդ ուղղութեամբ եւ դառնան զանգուածային, հարկ է գոյութիւն ունեցող ճիգերը համատեղել եւ առաջնահերթութիւնները կենսականութեան կարգով թուարկել ու եղած պակասութիւններն ու թերութիւնները սրբագրել: Արտաքին թշնամին չի կրնար յաղթել այս ժողովուրդին, այլ ներքին թշնամին է, որ կը մաշեցնէ անոր կարողականութիւնը զանազան բնագաւառներու մէջ եւ զայն կը դարձնէ խոցելի՝ թշնամիին հարուածներուն: Շատ էին այն երիտասարդները, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց բաժինը բերելու ազգի գոյատեւման պայքարի գործընթացին: Բոլորս ալ նոյն գործերը չենք կրնար իրականացնել զանազան պատճառներով, սակայն ամէն կասկածէ վեր է, թէ երախայէն մինչեւ խոր ծերութեան մէջ ապրող հայորդիներէն իւրաքանչիւրը ունի իրեն յարմար գործելադաշտ: Հետաքրքրուողներուն հետ միասնաբար, կարելիութիւնը ունենանք իւրաքանչիւրին յարմարագոյն աշխատանքային տեղեկութիւններ հայթայթել եւ համադրել անհրաժեշտ գործընթացները, առաւելագոյնս օգտուելու իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւններէն: Մենք պատրաստ ենք: arevelk.am
